2017-04-23 09:55:00

Աստուածային Ողորմութեան տօնը` 23 ապրիլին։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 23 Ապրիլին կը նշուի Աստուածային ողորմութեան տօնը։ Տօն մը հաստատուած Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ կողմէ 2000 թուականին, Աստուածային Ողորմութեան առաքեալ Սրբուհի Ֆաուսթինա Քովալսքայի սրբադասման արարողութեան առթիւ։

Սոյն տօնը անքակտելիօրէն զօդուած է Սուրբ Զատկուան, արդարեւ ծիսակատարութիւնը սահմանուած է տօնախմբել Զատկուայ յաջորդող առաջին կիրակին, ինչպէս յայտնած է Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի սրբադասման դատի պաշտպանը` գերապայծառ Սլավոմիր Օտէրը Ռատիովատիկանի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, հաստատելով նաեւ թէ երջանկայիշատակ Վոյթիլա Քահանայապետի ու Ֆրանչիսկոսի միջեւ ողորմութեան նիւթին հայող արտակարգ  ներդաշնակութիւն մը կայ, որովհետեւ երկու Քահանայապետերը ապրած են կեանքի դժուար փորձառութիւններ։

''Կարելի չէ մտածել Աստուածային Ողորմութիւնը առանց Յիսուսի Յարութեան որովհետեւ Տիրոջ Յարութիւնը Աստուծոյ Ողորմութեան յայտնութեան գագաթնակէտն է, բացուածքն է կեանքին, յաւիտենական կեանքին - ըսած է միշտ գերապայծառ Օտէրը նշելով թէ ''Ողորմութիւնը մեծագոյն պարգեւ մըն է զոր Աստուած կը նուիրէ մարդուն։ Յիսուս աշխարհ եկաւ որպէսզի յայտնէ Աստուծոյ ողորմած դիմագիծը''։ 

Գերապայծառ Օտէր հուսկ հաստատած է թէ '' Ողորմածութիւնը  կ՛ակնկալէ հիւրընկալութիւն ու մարդու սիրտը հասկնալու համար մշտական գործընթաց''։  








All the contents on this site are copyrighted ©.